Հայաստանի մէջ կին դիւանագէտները եւ հաւտարմագրուած
դիւանագէտներու կիները այցելած են Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Արտաքին գործոց
նախարարի տիկնոջ՝ Նաթալիա Նալբանդեանի նախագահութեամբ գործող Բարի գալուստ Հայաստան հաստատութիւնը
այցելութիւն մը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշահամալիր։ Հայաստանի
մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու կիները եւ կին դիւանագէտները յարգանքի տուրք մատուցած
են Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ ծաղիկներ զետեղած Հայոց Ցեղասպանութեան
զոհերու յուշակոթողին։ Այնուհետեւ հաստատութեան անդամները եղեւնի տնկած են Յիշողութեան
պուրակին մէջ, կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը։ Դիւանագէտներու
կիները եւ կին դիւանագէտները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած
Ցեղասպանութեան պատմութեան ու գրառումներ կատարած են յուշամատեանի մէջ։
Հայաստանը
մտադիր է զարգացնել հայ - հնդկական յարաբերութիւնները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար
Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպած է Հայաստանի մէջ Հդնկաստանի նորանշանակ դեսպան Աչալ Քումար
Մալհութրային, որ ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարին յանձնած է իր հաւատարմագրերու պատճէնը։ Շնորհաւորելով
դեսպանը նոր պաշտօնին վրայ նշանակուելու կապակցութեամբ՝ Էդուարդ Նալբանդեանը ըսած է,
որ Հայաստանը կը ցանկանայ առաւել զարգացնել հայ - հնդկական բարեկամական, գործընկերային
յարաբերութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ նորանշանակ դեսպանը իր ներդրումը պիտի ունենայ
երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները
քննարկած են քաղաքական երկխօսութեան ծաւալման, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու կանոնակարգման,
իրաւա-պայմանագրային դաշտի ընդլայնմանը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներու
մէջ համագործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր։ Հնդիկ դիւանագէտի խնդրանքով՝ Հայաստանի
արտաքին գործոց գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան
կարգաւորմանը վերաբերող վերջին զարգացումները։ Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Դեսպան Մալհոթրան
միտքեր փոխանակած են հայ - թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։
Հնդկաստանի դեսպանը իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու
հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն։
Հայաստան համահայկական հիմնադրամը
կը վերանորոգէ Նորքի հիւանդանոցը Ֆինանսաւորումը՝ Հայաստան հիմնադրամի Պրազիլի տեղական
մարմնի